Հայկական սփիւռքը (ներ) գունաւոր եւ գեղեցիկ է: Բայց ան/անոնք նոյնքան նաեւ բարդ են եւ երեւի աւելիով պիտի բարդանան: Իսկ սփիւռքներու բարդանալը կը յատկանշուի քանի ան/անոնք ժամանակի եւ սերունդներու հետ կը փոխուին, կը կերպարանափոխուին ու կը ստանան նոր պիտակ եւ տարբեր լիցքաւորում: Եթէ պիտի մնան հայ-հայկական սփիւռքը, բայց պիտի ստանան տարբեր երանգներ: Եւ մենք բոլորս պատրաստ պէտք է ըլլանք տեսնելու եւ ընդունելու այս տարբեր երանգները:
Այս տարբեր իրավիճակներուն մէջ կայ պատմութեան յիշողութեան եւ անոր կեանքի շարունակականութեան գործընթացը: Պէտք է տեսնել, թէ ինչպէ՛ս այս հայուն յիշողութիւնը եւ անոր շարունակականութիւնը պէտք է պահել սփիւռք-սփիւռքներու նոր տարազումներուն մէջ: Պէտք է ընդունիլ իրականութիւնը, թէ այս սփիւռք-սփիւռքները պիտի դառնան մնայուն կարգավիճակ ունեցող իրականութիւններ: Այս երեւի անխուսափելի իրականութիւն է:
Այս նոր երանգներուն մէջ կայ նաեւ ներսփիւռքեան գաղութներու տեղաշարժերը: Յստակ է, որ սփիւռքները իրենց տեղական ու ներքին պայմաններուն մէջ նաեւ մնայուն չեն: Մնայունը պիտի մնայ հայուն սփիւռքը` իր ընդհանրական առումով եւ հասկացողութեամբ:
Սիտնի, 14-22 փետրուար 2026
Գաղութը յստակ կերպով աճ կ՛արձանագրէ` նկատի ունենալով, որ Սուրիոյ պատերազմի պատճառով շատ է թիւը հայերու, որոնք Աւստրալիա հաստատուած են, եւ տակաւին կը շարունակուի ընթացքը: Աւստրալիոյ գաղութին համար այս աճը եղած է օգտակար, որովհետեւ սուրիահայերը բերած են նոր ուժ եւ եռանդ` գաղութի կեանքին մէջ:
Աւստրալիոյ գաղութին կազմաւորումը ունի իր պատմութիւնը: Այս պատմութեան մէջ կայ տեղափոխութիւնը մեծ թիւով հայորդիներու, յատկապէս` Եգիպտոսէն ու միջինարեւելեան այլ երկիրներէ, որոնք կայք հաստատած են այս «նոր երկիրը»` 1950-ական տարիներէն սկսեալ: Այս իմաստով, տեղափոխուող այս հայերը իրենց հետ բերած են Միջին Արեւելքի ջերմութիւնը եւ կապը, որուն հետ կ՛ապրին մինչեւ այսօր: Բայց կայ այս սերունդին շարունակականութիւնը. Աւստրալիա ծնած անոնց զաւակները ու անոնց զաւակները: Հոսկէ պիտի սկսի փոխուելու եւ նոր պիտակ ստանալու գործընթացը, որ պէտք է կամրջուի հայուն պատմութեան յիշողութեան եւ կեանքի շարունակականութեան խաչմերուկին միջեւ:
Վարդան եպս. Նաւասարդեանը հոգեւոր առաջնորդն է Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի հայոց թեմին: Ան կու գայ Հայաստանէն: Եղած է նաեւ առաջնորդ Պալթեան երկիրներու եւ, այս իմաստով, քաջատեղեակ է սփիւռքեան իրականութիւններուն եւ անոնց մարտահրաւէրներուն: «Սփիւռքի մէջ շատ մեծ մարդուժ եւ կարողականութիւններ կան, զորս պէտք է ներմուծել հայաստանեան եւ համասփիւռքեան իրականութիւններու մէջ-, ըսաւ սրբազան հայրը: – Ես այս իրականութիւնը յաճախ կը ներկայացնեմ Հայաստանի մեր իշխանութիւններուն` իբրեւ կարեւոր համահայկական ներդրումային գործօն»:
Սփիւռքը իր տարբեր կարգավիճակներու մէջէն չի դադրիր ուժ եւ կարողականութիւններ պարփակելէ: Այս իրականութիւնը դարձեալ մէջտեղ կու գայ եւ այս անգամ` հեռաւոր Աւստրալիոյ հայկական իրականութեան մէջէն:
Վահէ Արթինեանը պատանի տարիքին եկած է Եգիպտոսէն: Ան յաճախած է Գահիրէի Գալուստեան վարժարանը եւ Աւստրալիա հասնելով` դարձած է մասնագէտ դեղագործ: Վահէն նոյնքան նաեւ մասնակից է ազգային-գաղութային կեանքին, ստանձած է կուսակցական եւ միութենական պատասխանատու պաշտօններ: Ան այն հայն է, որ գիտէ ազգային արժէքներու գիտակցութիւնը եւ կարեւորութիւնը:
Վահէն կը սիրէ եւ կը պահէ Եգիպտոսի ջերմութիւնը: «Կը սիրեմ յաճախ խօսիլ եգիպտերէն (տեղական արաբերէն) եւ ինծի համար տակաւին անուշ լեզու եւ յիշողութիւն է», ըսաւ Վահէն: Եւ այս սփիւռքահայերու տարբերակներն են, եւ հայեր նոյնքան նաեւ կ՛ապրին իրենց ծննդավայրի իրականութիւնը` իրենց նոր միջավայրին մէջ:
Վիք Գորթեանը մանուկ տարիքին Լիբանանէն եկած է Աւստրալիա: Ան այսօր դասախօս եւ ամպիոնի վարիչ է Սիտնիի Մեկուերի նշանաւոր համալսարանի մէջ: Անկախ այն երեւոյթէն, որ շատ փոքր տարիքէն եկած է Սիտնի, ան տիրապետած է հայոց լեզուին եւ նոյնքան նաեւ` ազգային ինքնութեան: Վիքը գործօն մասնակցութիւն կը բերէ ազգային-կուսակցական եւ միութենական կեանքին` վարելով պատասխանատու պաշտօններ:
Վիքին համար հայ ըլլալը ու հայութիւնը մէկ հասարակ յայտարար ունին, ինչ որ սփիւռքեան տարբեր գաղութներու պարագային: «Բոլորս ալ հայապահպանումի նոյն մտահոգութիւնը ունինք , երբ կ՛ապրինք ամբողջ աշխարհի մէջ», ըսաւ ան: «Այս իմաստով, Աւստրալիոյ մէջ ապրող հայերը` մենք, պէտք է գերազանց կերպով ընենք ամէն ինչ, որպէսզի ցոյց տանք նոր սերունդին, որ կայ մեծ արժէք մը` պահել մեր ազգային մշակոյթը եւ ինքնութիւնը», եզրափակեց Վիքը:
Վիքին որակած այս «արժէք»-ն է, որ հայը պիտի դնէ եւ կերտէ իր հաւաքական յիշողութեան եւ շարունակականութեան պատմութեանը խաչմերուկին մէջ:
Յարութիւն Ճէպէճեանը ծնած է Մանսուրա, Եգիպտոս: Մանսուրայի մէջ հայկական դպրոցի բացակայութեան` Յարութիւն կրցած է սակայն կերտել հայկական կեանք եւ նկարագիր: Ան այսօր ծանօթ եւ համբաւ վաստակած հոգեբուժ է եւ կը գործէ Սիտնիի ծանօթ հիւանդանոցներուն մէջ:
Յարութիւնին համար հայութիւնը կարելի չէ բաժնել իր քրիստոնէական-հոգեւոր արմատներէն: Այս իմաստով, ան ամուր կառչած է գաղութին եւ Հայ եկեղեցւոյ ինքնութեան եւ հաւատամքին եւ կը սատարէ անոնց յառաջխաղացքին` բարոյապէս եւ նիւթապէս: Ան իր մասնագիտութիւնը դրած է ժողովուրդին սպասարկելու առաքելութեան մէջ եւ ոչ մէկ ճիգ կը խնայէ` հասնելու կարիքաւորին եւ հիւանդին:
Կարելի չէ հայը բաժնել իր ազգային ու քրիստոնէական ինքնութիւններէն:
Սիտնիի հայ գաղութը օժտուած է երկու երկրորդական հայկական վարժարաններով: Առաջինը կը հովանաւորէ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութիւնը, իսկ երկրորդը` Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը: Երկու գեղեցիկ վարժարաններ, որոնք օժտուած են նոյնքան գեղեցիկ դպրոցաշէնքերով` կահաւորուած եւ սարքուած արդիական միջոցներով եւ շրջապատուած` բնութեամբ ու անտառներով: Երբ այս երկու դպրոցները այցելեցի, այնքան փափաքեցայ դարձեալ աշակերտ ըլլալ եւ այս վարժարաններու գեղեցիկ միջավայրը վայելել: Այս վարժարաններու ուսումնական բարձր մակարդակին հետ` անոնք նոյնքան հետամուտ են ջամբելու հայեցի դաստիարակութիւն:
Կրցայ շրջագայիլ երկու դպրոցներու մէջ եւ հանդիպիլ աշակերտներուն, ուսուցչական կազմի եւ տնօրէնութեան հետ: Տեսայ հայ դպրոցին արժէքը եւ կարեւորութիւնը` սփիւռքեան մեր իրականութիւններու համար: Տեսայ, թէ ինչպէ՛ս մեր հայ վարժարանները ջատագով են հայակերտումի եւ մարդակերտումի վեհ առաքելութեան, եւ թէ որքան պէտք է հոգ տանիլ մեր կրթական համալիրները կանգուն պահելու:
Այս իմաստով, կայ մեծ պատասխանատուութիւն մը մեր հայ ընտանիքներուն եւ ծնողներուն համար:
Այն գաղութները, որոնք ունին հայկական միօրեայ կամ գէթ շաբաթօրեայ վարժարաններ, ծնողք պարտին իրենց զաւակները ուղղել հոն: Սփիւռքեան պայմաններու մէջ հասակ առնող հայ նոր սերունդը կը կոփուի հայկական վարժարաններու միջոցով:
Գահիրէ, 7-12 մարտ 2026
Փարաւոններու մշակոյթով եւ Նեղոսի ջերմութեամբ`Գահիրէն կը բաշխէ իր չորս դին հմայք եւ պատմութիւն: Այս պատմութեան մէջ է նաեւ հայկական իրականութիւնը: Եթէ քաղաքը խճողուած է 24 ժամերու վրայ, բայց նոյնքան նաեւ` հայկական կեանքը:
Եգիպտոսի հայկական իրականութիւնը ունի իր պատմութիւնը, որ սկսած է Ցեղասպանութենէն առաջ: Այս պատմութեան մէջ կան մեծ նուաճումներ: Գահիրէէն դէպի Աղեքսանդրիա տանող մայրուղիին վրայ կանգ կ՛առնենք մէկ արուարձանի մը առջեւ, որ կը կոչուի «Նուպարի քաղաք»: Նուպար փաշան, որ Եգիպտոսի առաջին վարչապետն էր, եւ որ` մինչեւ այսօր տիրական դէմք մնացած է Եգիպտոսի համար:
Աշոտ եպս.Մնացականեանը հոգեւոր առաջնրդն է Եգիպտոսի հայոց թեմին: Ան կու գայ Հայաստանէն եւ ամուր կառչած է ջամբելու հոգեւոր եւ ազգային դաստիարակութիւն Եգիպտոսի հայ գաղութին: «Գաղութին թիւը նուազած է, բայց մենք կ՛ուզենք մեր առաքելութիւնը ամուր պահել այս երկրին մէջ», կ՛ըսէ սրբազան հայրը:
Եգիպտոսի գաղութի թիւը նօսրացած է: 1950-1960 տարիներէն սկսեալ` մեծ թիւով հայեր գաղթած են Քանատա, Աւստրալիա եւ այլ երկիրներ: Սիտնի այցելութեանս ընթացքին ակներեւ էր եգիպտահայերու ներկայութիւնը: Այս փոքր թիւը յուսահատութեան չէ մատնած հայկական իրականութիւնը: «Ներկայ օրերուն ունինք Սուրիայէն եւ Լիբանանէն հայեր, որոնք հաստատուած են Եգիպտոս, եւ զիրենք ներառած ենք մեր գաղութէն ներս», ըսաւ սրբազանը:
Արմէն Մազլումեանը մասնագիտութեամբ բժիշկ է: Ան շատ աւելիով ներգրաւուած է ազգային կեանքի մէջ եւ մեծ աշխատանք կը տանի հայկական մշակութային արժէքները եւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ներկայացնելու տեղական համայնքին: Ան ստանձնած է Եգիպտոսի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետութիւնը, հսկայական աշխատանք կը տանի, որ եգիպտացի մտաւորականներ խօսին եւ գրեն Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող վկայութիւններու մասին արաբերէն լեզուով եւ նոյնքան նաեւ` հրատարակելու անոնց աշխատանքները: Եւ չուշացաւ իմ դիպուկ ակնարկս Արմէնին. «Ե՞րբ բժշկութիւն կ՛ընես»: «Երբ որ ազատ ժամեր ունենամ», նոյնքան ժպիտով եւ կատակով պատասխանեց Արմէն:
Արմէն Մազլումեանին համար «ժամեր»-ը` ազատ թէ այլ, հայուն համար է: Հայուն պատմութեան եւ անոր վկայութեան համար:
Եգիպտահայ գաղութը ունի մշակութային, մարզական կառոյցներ, որոնք կը համախմբեն գաղութին գործունէութիւնները: Նուպարեան վարժարան կը յաճախեն աւելի քան 140 հայ աշակերտներ եւ կը ստանան հայեցի դաստիարակութիւն: Դպրոցը ունի մինչեւ երկրորդական բաժին եւ ամէն յարմարութիւն` կրթական լաւ դաստիարակութիւն տալու հայ նոր սերունդին:
Հայ համայնքի համար մասնաւորապէս եւ Եգիպտոսի համար ընդհանրապէս հպարտութիւն է Միքայէլեան ընտանիքի նախաձեռնած «Ռիտըրզ քոռնըր» գրախանութ-ցուցասրահը` Գահիրէի կեդրոնական քաղաքի մէկ շատ բանուկ մասին մէջ: Միքայէլեան չորս եղբայրներ` ժառանգելով իրենց հօր նախաձեռնած աշխատանքը, զոր սկսած է 1945-ին, այսօր հնչեղ անուն են Եգիպտոսի մէջ որպէս գիրքի` բայց շատ աւելիով արուեստի եւ նկարչական գործերու տեղադրումով ամբողջ երկրին մէջ: Անոնք մշակոյթի ջատագովներէն են, որոնք ոչ մէկ ճիգ կը խնայեն արուեստը գնահատելու եւ տարածելու աշխատանքին մէջ: Քրիստափոր` ճանչցուած որպէս Քրիս, եւ Գրիգոր երկու եղբայրներ են, որոնք նոյնքան աշխուժ մասնակցութիւն կը բերեն գաղութի կեանքի մէջ` ի մասնաւորի Հայ կաթողիկէ եկեղեցիի միջոցով:
Հայը յոգնիլ չի գիտեր: Հայը կը սիրէ արժէքը եւ կը սատարէ անոր համար:
Մարտահրաւէրներէ եւ մտահոգութիւններէ զերծ չէ եգիպտահայ գաղութը, ինչպէս` բոլոր հայկական ներկայութիւնները սփիւռքի տարածքին: Այս մարտահրաւէրները մեր «քաղցր լուծն» են, զորս իւրաքանչիւր հայ պիտի կրէ իր ուսերուն` ի խնդիր հայապահպանումի, ազգակերտումի եւ մարդակերտումի մեծ առաքելութեան:
Եւ հոս պէտք է ընդգծել մէկ կարեւոր իրականութիւն:
Եթէ սփիւռք(ներ)ը մնայուն ներկայութիւն է`անկախ իւրաքանչիւրի թիւէն ու քանակէն, այս պիտի նշանակէ, թէ պիտի յենինք մեր ազգային կառոյցներուն` իբրեւ ամուր յենարաններ մեր ինքնութեան եւ հաւատքի պահպանման: Նոյնիսկ եթէ մեր կառոյցները հինցած, մաշած եւ ժամանակավրէպ են, բայց կը մնան անոնք մեր ինքնութիւնը պահող իրականութիւններ: Մեր կառոյցներն են, որ մեր պատմութեան յիշողութիւնը եւ անոր կեանքի շարունակականութիւնը պիտի ապահովեն: Պիտի կառչինք մեր ազգային կառոյցներուն, զետեղենք զանոնք ներկայ օրերու եւ ժամանակներու մէջ եւ արդիակացնենք` յարմարեցնելով ներկայ օրերու պայմաններուն եւ պահանջներուն:
Սիտնիէն Գահիրէ ու, տակաւին, իւրաքանչիւր հայաշատ գաղութներու մէջ կան յիշողութեան եւ շարունակականութեան խաչմերուկներ: Այս բոլոր խաչմերուկները պիտի պահենք եւ տանինք յառաջ:
Հայուն ապրելու հրամայականը հայուն պատմութեան յիշողութեան եւ կեանքի շարունակականութեան խաչմերուկներու մէջէն ապրեցնել է հայը:
Այսօր, վաղը ու տակաւին …
Նիկոսիա, մարտ 26
Դոկտոր ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ